2015-02-20 09:55:30

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ուղեցոյցներ` ուսուցիչներու եւ լրագրողներու համար


Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, գիրք նուիրելու օրուան խորհուրդը օգտագործելով, Փետրուար 19-ին լրագրողներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուցած է անոնց համար նախատեսուած գիրքերը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայոց ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու եւ լուսաբանելու նախընտրելի ուղիներ նախանշող ուղեցոյցները լոյս տեսած են ՀՀ նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրէն ներս` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ «Պրոսպեկտուս տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ջանքերով: Մինչ ձեռնարկներու լոյս ընծայումը թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած են դասընթացքներ լրագրողներու եւ ուսուցիչներու համար:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի խօսքով` ուսուցիչներն ու լրագրողները հասարակութեան երկու ազդեցիկ խումբեր են, որոնք կը ձեւաւորեն արժեհամակարգ, սերունդներուն գաղափարներ, տեսլականներ կը փոխանցեն: Հետեւաբար, անոնց համար նախատեսուած ձեռնարկները կը նպաստեն Հայոց ցեղասպանութեան թեմային ճիշտ ներկայացման մէկ կողմէ` կրտսեր սերունդին, միւս կողմէ` արդէն հասուն քաղաքացիներուն:
Սուրէն Մանուկեան նշած է այն առանցքային կէտերը, որոնք պէտք է շեշտադրել Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելու ընթացքին: «Ես կարծում եմ, որ հարկի եւ անհարկի պէտք չէ օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Այն դարձել է հասարակ տերմին (եզրոյթ-ԵՌԳ.), որով բացատրում են մի որեւէ մեծ յանցագործութիւն: Սրանից պէտք է խուսափել, քանի որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ամենամեծ ոճիրն է, որն ունի իրաւաբանական գնահատական ու սահմանում»:
Բացի այդ` Սուրէն Մանուկեան խորհուրդ տուած է, որ լրատուամիջոցները չսահմանափակուին միայն 1.5 միլիոն զոհերու մատնանշումով, այլեւ ներկայացնեն անհատներու պատմութիւններ: «Մենք պէտք է հասկնանք, որ 1.5 միլիոնէն ամէնը մէկը ունեցած է մէկ մարդկային ճակատագիր ու պատմութիւն: Երբ մենք կը ներկայացնենք նիւթը մէկ մարդու պատմութեամբ, ատիկա աւելի ազդեցիկ է:
Վերջապէս, որոշ կարծարատիպեր կան, որ պէտք է վերանան մեզմէ: Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ ընդունիլ միայն որպէս մեծ ողբերգութիւն, առաջին հերթին` ան յանցագործութիւն է, որ իր իրաւական հետեւանքները պէտք է ունենայ: Բացի այդ` ան նաեւ մեծ ժողովուրդի հերոսութիւնն է, հերոսական վերապրում է, ես միայն նկատի չունիմ ինքնապաշտպանական մարտերը, որոնք ինքնին հերոսութիւն են, այլ նաեւ մէկ հասարակ հայ կնոջ, հասարակ հայ որբուկի վերապրումը, որ, ամէն ինչ կորսնցնելով իսկ վերապրած եւ ստեղծած է նոր ընտանիք ու ազգի սկիզբ տուած: Ասոնք պատմութիւններ են, որ մեզի պէտք է ոգեւորեն»,-շեշտած է Սուրէն Մանուկեան:
Նա տեղեկացուցած է, որ գիրքերը ելեկտրոնային տարբերակով առկայ են նաեւ թանգարան-հիմնարկի կայքին մէջ, ու փափաքողները կրնան ներբեռնել:
Դրամաշնորհային ծրագրի համակարգող Գայիանէ Մանուկեանը շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարան-հիմնարկին թէ′ նշեալ ձեռնարկներուն, թէ′ որեւէ ծրագրի իրագործման ուղղութեամբ աջակցութեան համար: Ան կարեւորած է իրենց գործակցութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք սահմանամերձ շրջաններու դպրոցականներուն հետ աշխատած են` լրացնելով այն բացը, որ երբեմն կ՛առաջանայ պատմութեան ուսուցիչներու պակասի արդիւնքով:
«Ինչպէս դասաւանդել Հայոց ցեղասպանութեան թեման» եւ «ինչպէս լուսաբանել Հայոց ցեղասպանութեան թեման» գիրքերուն մէջ առկայ են ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր փաստաթուղթեր, մասնագէտներու դասախոսութիւններու բնագիրները:







All the contents on this site are copyrighted ©.